2009-01-16 13:30:06

Պօղոսեան տարի - Փիլիպեցիներու Թուղթը` Խորհրդածութիւն


Փիլիպեցիներու թուղթը, վարդապետական ուսուցումէն աւելի յորդորներու գրուածք մըն է, որով առաքեալը կը զուշացնէ Փիլիպէի հաւատացեալները չար մշակներէն, որոնք ամէնուրեք երկպառակութիւն կը սերմանեն եւ կրնան օր մը հասնիլ մինչեւ Փիլիպէ։ Թուղթը Գրուած է բանտէն, այսինքն երբ Պօղոս հաւանաբար կը գտնուէր Եփեսոս 56-57 տարիներուն։ Պօղոս Փիլիպեցիներուն Թուղթը կը ղրկէ Եփեսոսէն, ուր իր միտքը կը յայտնէ անցնելու Մակեդոնիա, հազիւ թէ ազատ արձակուի։ Թուղթը կը բաղկանայ 4 գլուխներէ։ Առաջին գլխուն մէջ Պօղոս կը յորդորէ հաւատացեալները ապրելու Քրիստոսի Աւետարանին արժաի կեանքով եւ միշտ պայքարիլ Աւետարանի հաւատքին համար, առանց վախնալու հակառակորդներէն։ Երկրորդ գլխուն մէջ, Պօղոս կոչ կ՛ուղղէ Փիլիպեցիներուն խոնարհ ապրելու Յիսուս Քրիստոսի նման. Բան մի՛ ընէք մրցակցութեան ոգիով կամ սնապարծութեամբ, կ՛ըսէր ան, այլ՝` իւրաքանչիւրը խոնարհութեամբ ուրիշը իրմէ երադաս թող համարի։ Զեզմէ իւրաքանչիւրը թող չփնտռէ իր անձնական շահերը, այլ ընդհակառակը՝` խորհի ուրիշներու շահերուն։ Սնուցէք ձեր մէջ նոյն զացումները զորս ունէր Յիսուս Քրիստոս (Փիլ. 2, 3-5)։ Երրորդ գլխուն մէջ, Ս. Պօղոս խստիւ կը զուշացնէ Փիլիպեցիները չար մշակներէն, եւ կը յորդորէ զանոնք իրեն նմանելու։ Արդարեւ ան կ՛ըսէ. Ինծի նմանեցէք, եղբայրներ, եւ ճանչցէ՛ք անոնք որոնք կ՛ընթանան եռանդով մը որուն օրինակը ունիք ձեր մէջ։ Որովհետեւ ինչպէս որ նախապէս յաճախ ըսի ձեզի, եւ հիմա կը կրկնեմ արցունքը աչքերուս մէջ, շատեր կ՛ընթանան իբրեւ թշնամիներ Քրսիտոսի խաչին։ Անոնց վախճանը կորուստ է, անոնց աստուածը իրենց որովայնն է եւ իրենց ամօթը՝` իրենց փառքն է, քանի որ միայն երկրաւոր շահերը կը խորհին (Փիլ. 3, 17- 19)։ Իսկ վերջին գլխուն մէջ Սուրբ Պօղոս կը յիշեցնէ իր վարդապետութիւնը եւ օրինակը զորս տուած էր Փիլիպեցիներուն։ Խորհուրդը զոր կու տայ հետեւեալն է. Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ՝` ուրախ եղէք (Փիլ. 4, 4)։ Այլ խօսքով՝` Ս. Պօղոս կ՛ուզէր հաստատել թէ նոյնիսկ ցաւի եւ չարչարանքի մէջ, ուրախութիւնը կարելի է անոր, որ կ՛ապրի Տիրոջ մտերմութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.